ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐ

Մտավորականությունն իբրև դասակարգ

հասարակություն
Ըստ աշխատութեան մարդկային հասարակութիւնները կարելի է բաժնել հինգ հիմնական դասակարգերու:

Առաջինը՝ բուսաբուծութեամբ ու կենդանաբուծութեամբ զբաղուող մարդիկ, որոնք ստուար մեծամասնութեամբ գիւղի կեանքով ապրելնուն համար սովորական բառով մը կ’անուանենք գիւղացի, թէեւ բոլորովին ճիշդ չէ, քանի որ գիւղերու մէջ, թէեւ քիչ, բայց կան նաեւ ուրիշ աշխատանքներով ապրող մարդիկ, իսկ փոքր քաղաքներու մէջ բաւական խոշոր է «գիւղական» աշխատանքով ապրող մարդկանց թիւը:

Երկրորդ դասակարգը կը կազմեն բան մը շինող, կառուցող, արտադրող, վերամշակող եւ այդ կարգի զբաղումներով ապրող մարդիկ, այսինքն՝ արհեստաւորները, գործաւորները, բանուորները, կ’ուզէ իր խանութին անկիւնը ըլլայ, կ’ուզէ մեծ ու պզտիկ արհեստանոցներու մէջ, կ’ուզէ հսկայական գործարաններու յարկին տակ, կ’ուզէ իր տան ու բնակարանին մէջ կամ բոլորովին բացը:

Երրորդ դասակարգը կը կազմեն մարդիկ, որոնք տնտեսական կեանքին մէջ անձամբ ո՛չ մշակող են, ո՛չ շինող, այլ միջնորդ են, կազմակերպող, ապրանքներու եւ ձեռնարկութիւններու առաջացման ու շարժումին ընթացք եւ ուղղութիւն տուող, ինչպէս վաճառականը, սեղանաւորը, գործարանատէրը, նաւատերը, որոնց ձեռքին մէջն ալ կը կեդրոնանայ գլխաւորապէս խոշոր դրամագլուխը:

Չորրորդ դասակարգը կը կազմեն անոնք, որոնք վերի երեք տեսակի աշխատութիւններու ընթացքին գործակատար են, վարիչ ու հսկիչ, գրող ու հաշուապահ առանց գործին տէրը ըլլալու, կամ միեւնոյն դերը կը խաղան պետական-վարչական մեքենային մէջ, այսինքն՝ ամեն տեսակի ու աստիճանի պաշտօնեաներն ու ծառայողները:

Հինգերորդ դասակարգը կը ներկայացնեն այն մարդիկը, որոնց զբաղումը գիտութիւններն են ու արուեստները, թէ՛ ուսումնասիրութիւնը եւ թէ՛ գործադրութիւնը, միայն ո՛չ իբրեւ մշտական մէկ անիւը որեւէ արդիւնաբերական կամ վարչական մեքենայի, եւ ճիշդ ատոր համար ալ կը կոչուին ազա՛տ արուեստի, ազա՛տ պարապմունքի մարդիկ՝ բժիշկ, փաստաբան, լրագրող, գրագէտ, նկարիչ, երգիչ, ձեռնածու, փիլիսոփայ, դերասան եւ այլն:

Այս բաժանումները, ինչպես գիտութեան մէջ ամեն բաժանում, ճիշդ են միայն իրենց ընդհանրութեամբն առած, կեանքի ու իրականութեան մէջ անոնք կը հիւսուին ու կը խառնուին՝ իրար ծաղրելով ամեն դասակարգում: Գիւղացիի աշխատանքին մէջ շատ կայ արհեստաւորի գործ, արհեստաւորը շատ յաճախ նաեւ վաճառական է, արհեստանոցի ու գործարանի տէրը շատ անգամ ինքն ալ արտադրական աշխատանքին անձամբ մասնակցող բանուոր մըն է, սեղանաւորը կամ նաւատէրը միեւնոյն ժամանակ պետական պաշտօնեայ է, լրագրողն ու երաժիշտը կա՛մ ուսուցիչ է, կա՛մ վարձուած պաշտօնեայ: Ասկէ զատ՝ այս կարգի ընդհանուր բաժանումները գիտական արժէք ունին միայն, կը նպաստեն ամբողջ նիւթը ընդգրկելու եւ երեւոյթները յստակ տեսնելու, բայց գործնական արժէք չունին, որովհետեւ նոյն դասակարգի տակ առնուած բազմաթիւ խմբեր ահագին տարբերութիւններ ունին իրարմէ իրենց աշխատանքով, դիրքով, կենցաղով, շահերովն ու պահանջներովը:


Շանթ Լ., Երկեր, հ. 5 // Ընկերաբանական և գրաբանական հարցեր, Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպ., 2008, էջ 93-152: